''Աստուած երբեմն կը կանչէ հակահոսանք ճանապարհով ընթանալու համար''։
Եկեղեցական
կոչումներու աղօթքի 51-րդ օրուան առթիւ, որ պիտի յիշատակուի յառաջիկայ 11 մայիս 2014-ին,
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր հրատարակած պատգամին մէջ կը գրէ որ կաթողիկէները Աստուծոյ
''սեփականութիւնն'' են, ոչ տիրապետութեան իմաստով, որ ստրուկ կը դարձնէ, այլ ամուր կապով
մը, որ մեզ Աստուծոյ կը միացնէ։ Պատգամը, որ հրապարակուեցաւ յունուար 16-ին, կը հրաւիրէ
աղօթքի միջոցաւ բազմացնելու եկեղեցական կոչումները։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար
եկեղեցական կոչումը կը հրաւիրէ թեկնածուն երբեմն ընթանալու հակահոսանք ճանապարհով, նոյնպէս
եւ դիմագրաւելու ներքին եւ արտաքին արգելքներ։ Նորին Սրբութիւնը կը նմանցնէ կոչումը
''պտուղի մը որ ժամանակի ընթացքին կը հասուննայ'', որ ''կը բխի Աստուծոյ սրտէն ու կը
ծլի հաւատացեալ ժողովուրդի բարի հողէն''։ Աւետարանը կը պատմէ. Յիսուս կը շրջէր բոլոր
քաղաքներն ու գիւղերը... Եւ տեսնելով բազմութիւնները՝ գթաց անոնց վրայ, որովհետեւ պարտասած
ու ցրուած էին՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու նման: Այն ատեն ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հունձքը
իրապէս շատ է, բայց գործաւորները՝ քիչ. ուրեմն աղերսեցէ՛ք հունձքին Տիրոջ, որ գործաւորներ
ուղարկէ իր հունձքին»: Յիսուս Եկեղեցիէն կը խնդրէ աղօթել կոչումներուն համար, որպէսզի
Տէրը բազմացնէ թիւն անոնց որոնք Արքայութեան համար կը գործեն։ Այս խօսքերը մեզ կը զարմացնեն։
Պօղոս առաքեալը, որ եղաւ Աստուծոյ գործակիցներէն մէկը, անխոնջ կերպով աշխատեցաւ Աւետարանի
ու Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Ան Կորնթոսի քրիստոնեաներուն կը յիշեցնէ. ''Դուք Աստուծոյ
դաշտն էք''։ Այսօր եւս Յիսուս կը քալէ մեզի հետ բուժելու մեր հիւանդութիւններն ու տկարութիւնները։
Կը հրաւիրեմ ձեզ, կը գրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, անսալու եւ Յիսուսի ետեւէն քալելու
ու Անոր խօսքերէն բարեփոխուելու, որ ''հոգի են ու կեանք''։ Մարիամ` Յիսուսի մայրը մեզի
կը կրկնէ. ''Ըրէք ինչ որ ըսէ ձեզի''։ Ոչ մէկ կոչում ինքնիրմէ կու գայ եւ ինքնիրէն
համար եղած է։ Կոչումը Տիրոջմէն կու գայ Տէրն է կանչողը։ Պատրաստենք մեր սիրտը բարի
արտ մը ըլլալու, անսալու, ընդունելու եւ ապրելու Աստուծոյ խօսքը եւ այսպէսով բարի պտուղ
պիտի տայ։ Որչափ կարողանանք Յիսուսին միանալ աղօթքով, Ս. Գիրքի ընթերցումով, ս. հաղորդութեան
երկրպագութեամբ, ս. խորհուրդներու ու եղբայսիրութեան ապրումով, այնքան պիտի աճի մեր մէջ
ուրախութիւնը համագործակցելու Աստուծոյ հետ ի սպաս Արքայութեան, գթութեան եւ ճշմարտութեան,
արդարութեան ու խաղաղութեան, եւ հունձքը պիտի ըլլայ առատ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը
իր պատգամը կ'եզրափակէ խնդրելով ինքնիրեն համար աղօթք եւ սրտանց իր առաքելական օրհնութիւնը
կու տայ բոլորին։